Որոնում

135

      Էլմ.578
1. Ճամբաս Դուն, Տեր, ընտրէ,
Թող ան խաւար չըլլայ,
Ձեռքովդ առաջնորդէ,
Ընտրէ ինծի ճամբայ։
Ես չեմ համարձակիր
Բընաւ վիճակս ընտրել.
Դուն կառավարս եղիր,
Ուղղիչս՝ շիտակ քալել։

2. Խնդրած արքայութիւնս
Քուկդ է, ով Տեր իմ,
Քուկդ ալ ըլլայ շաւիղս,
Այլուստ կը մոլորիմ։
Դուն որոշէ վիճակս
Անհուն իմաստութեամբ,
Առ և լեցուր բաժակս
Վիշտով կամ վայելմամբ։

3. Ընտրէ բարեկամներս,
Ախտերս, առողջութիւնս,
Փորձանքս ու հոգերս
Եւ կամ հանգստութիւնս։
Ինծի խոստմունք տուիր,
Որ ազատես չարէն:
Տէր, առաջնորդս եղիր,
Իմաստութիւնս, ամէն։