Որոնում

322

        Էլմ. 812 
1. Ո՜վ Տէր, լսէ՛ ձայնն աղօթքիս
Եվ դի՛ր ականջ աղաչանքիս
Ու ծառայիդ տուր պատասխան,
Ով Տէր Աստված արդարութեան։

2. Քու ծառայիդ հետ մի՛ մտներ
Դատաստանի, Տէ՛ր մարդասէր,
Քանզի բնաւ մարդ մ'ալ չկայ,
Որ Քու առջևդ արդարանայ։

3. Իմ ձեռքս Քեզի կերկնցնեմ,
Զի Քեզ միայն իմ Տէրս գիտեմ.
Չորցած երկրի պէս՝ անձս Քեզի
Մեծ փափագով կծարաւի։

4. Ինծի սուրբ կամքդ սորվեցո՛ւր,
Կատարելու շնորհքդ ալ տո՛ւր,
Զի անձս Քեզի եմ վերցուցած,
Դուն ես ինծի միակ Աստուած։

5. Բարի Հոգիդ առաջնորդէ,
Ուղիղ երկիրդ զիս մտցնէ.
Զիս ապրեցո՛ւր անուանդ համար,
Չարէն փրկէ՛, Աստուա՛ծ արդար։